2014-11-11 08:51:07

Հռոմի մէջ խորհրդաժողով` ''Վերատեսել հաղորդակցութիւնը` տեսութիւնները, մեթոտները, ուսուցումները''։


(Ռ.Վ. 11 նոյեմբեր 2014) Կազմակերպութեամբ ''Սալեզեան'' Համալսարանի հաղորդակցութեան գիտութեան մասնաճիւղին, իր հիմնարկութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ, յառաջիկայ 14-15 նոյեմբեր 2014, Հռոմի Սալեզեան միաբանութեան համալսարանի մէջ տեղի կ՛ունենայ խորհրդաժողով մը որպէս նիւթ ունենալով` ''Վերատեսել հաղորդակցութիւնը` տեսութիւնները, մեթոտները, ուսուցումները''։
Վերոյիշեալ խորհրդաժողովը սկիզբ կ՛առնէ 14 նոյեմբերի առաւօտեան` ժամը 9-ին։ Բացումը կը կատարեն Սալեզեան Համալսարանի հաղորդակցութեան գիտութեան մասնաճիւղի տնօրէն` Փրոֆ Մաուրօ Մանթովանի, Քահանայապետական ընկերային հաղորդամիջոցներու խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Քլաուտիօ Մարիա Չելլի եւ Սալեզեան Համալսարանի Րէկտոր Քարլօ Նաննին։ Ապա տեղի կ՛ունենայ ''վերատեսել հաղորդակցութիւնը'' նիւթով կլոր սեղան, մինչ յետ միջօրէի նիստերու ընթացքին պիտի արծարծուին հաղորդակցութեան հայող այլ կարեւոր նիւթեր` ինչպէս Եկեղեցական աշխարհի մէջ նոր հաղորդակցութեան միջոցներու ներկայութիւնն ու անոնց գործածութիւնը. Ուսուցում եւ հաղորդակցութիւն. Դաստիարակներու յարատեւ կազմաւորումը. Եկեղեցին հաղորդել ցանցի միջոցաւ. Խաղաղութեան հաղորդումը.... եւայլն։
Խորհրդաժողովին յետմիջօրէի նիստի ընթացքին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Յիսուսեան Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին պիտի շնորհուի ''Դոկտորայի Պատուոյ Վկայական''ը։








All the contents on this site are copyrighted ©.